
Հաճնոյ բժիշկը, տոքթ. Տիրան թէրզեան - Ընկեր Նազո Ճերեճեան
Nazo Jerejian - Ընկեր Նազո Ճերեճեան
ՀԱՃՆՈՅ ԲԺԻՇԿԸ՝
ՏՈՔԹ. ՏԻՐԱՆ ԹԷՐԶԵԱՆ
Հաճըն Ընդհանուր Պատմութիւն
Հեռատեսիլիս կայանը շտապ լուրերու գրաւոր ժապաւէնին վրայ օրուայ մէջ մի քանի անգամ կրկնելով կը յաղորդէ Պաղեստինեան Կազզայի հիւանդանոցներու դիմագրաւած ճգնաժամային պայմաններուն մասին: Անցնող 9 ամիսներուն նոյնանման լուրեր կը ստանայինք նաեւ Արցախէն՝ դեղորայքի եւ առաջին բուժօգնութեան պարագաներու բացակայութեան ահազանգներ եւ միջազգային օգնութեան մարմիններու կողմէ ղրկուելիք կառաւաններու շարասիւներու մասին, որոնք այդպէս ալ չհասան իրենց նպատակակետին...:
1920 թուականին, Հաճընի 8 – 9 ամսեայ շրջափակման օրերուն արծուեբոյնին մէջ կար բժիշկ մը՝ ՏԻՐԱՆ ԹԷՐԶԵԱՆ անունով, որուն կատարած գերմարդկային լարուած հերոսական սպասարկութեանց մասին քիչերը գիտեն: 26 ամեայ այս նորաւարտ բժիշկն էր, որ ամբողջ հերոսամարտի տեւողութեանը վիրաւորէ՝ վիրաւոր, դիրքէ՝ դիրք, կը վազվզէր իր հետ ունենալով հիւանդապահուհիներու խմբակ մը, սահմանաբակ բժշկական պարագաներով, դեղորայքով:
Տոքթ. Տիրան Թէրզեան ծնած էր 1894-ին: Հաճընցի երեւելիներէն Յարութիւն էֆէնտի Թէրզեանի որդին էր: 1912-ին աւարտելով Կեսարիոյ Սուրբ Կարապետ երկրորդական վարժարանը 1918ին կը ստանայ բժշկական վկայական Կ. Պոլսոյ Օսմանեան համալսարանէն: 1919-ին Հալէպի մէջ միանալով ծնողքին, կը մեկնի Հաճըն եւ հոն անձնուիրաբար գիշեր ու ցերեկ իր անձն ու ծառայութիւնը ի սպաս կը դնէ Հաճընի վիրաւորներուն: Տոքթ. Տիրան Թէրզեան հիւանդապահութեան դասեր (first aid) կ'աւանդէ հիւանդապահուհիներուն, նոյնիսկ կարելի եղած դեղերն ալ ինք կը պատրաստէ: Հաճնոյ անկման օրը, Սուրբ Յակոբայ վանքին մէջ, կացինահար կ'ըլլայ վայրագ թուրք հորդաներու կողմէ:
Այսօր Հոկտեմբերի 15-ն է: Հաճնոյ Հերոսամարտի վերջին օրը: Այս տարի ալ թող Տոքթ. Տիրան Թէրզեանի եւ իր հիւանդապահուհիներուն յիշատակը հաւերժացնող աղեկէզ բառերս որպէս ծաղկեպսակ ընդունուին «ֆէյսպուք»եան այս պատուանդանին վրայ:
Տոքթ. Տիրան Թէրզեան, 6 տարիներ ուսանեցաւ, պարզապէս վկայուելէ ետք վերադառնալու իր ծննդավայրը, 9 ամիս սարսափելի ռմբակոծումներուն տակ ծառայելու հո՛ն ու վերջաւորութեան նահատակուելու համար:
Կը խոնարհիմ Հաճնոյ Հերոսամարտի բժիշկին եւ 8000-ի հասնող հէգ հայրենակիցներուս յիշատակին առջեւ:
Յաւերժ փա՜ռք անոնց անշէջ յիշատակին:
Ն. Ճ. - Նազո Ճերեճեան
Օգտագործուած աղբիւրներ.-
1) «Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւնը» (վերահրատարակուած), Յակոբ Պօղոսեան, 2014, Անթիլիաս:
2) «Հ.Բ.Ը.Միութեան Հաճընի Որբանոցը», Անդրանիկ Տագէսեան, 2020, Պէյրութ: